ՆԱԽԱԲԱՆ ՆԵՐԱԾԱԿԱՆ I. ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՆԱԽԱԴՐԵԱԼԸ  II. ԲՐՏՈՒԹԵԱՆ ՏՐԱՄԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ III. ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ IV. ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՎԱՂՈՐԴԱՅՆ ՀԱՇՈՒԵԿՇԻՌ V. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿՈՏՈՐԱԾՆԵՐԸ ՓԱՐԻԶԷՆ ԴԻՏՈՒԱԾ


 

 

IV . ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՎԱՂՈՐԴԱՅՆ ՀԱՇՈՒԵԿՇԻՌ


 

 

 

 1. ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵՆԷՆ ՃՈՂՈՊՐԱԾՆԵՐԸ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՓՈՐՁԱՔԱՐԻՆ ԱՌՋԵՒ

Պատերազմի աւարտին հանրագրուած մնացորդացը կարելի է տեղաւորել երկու դասակարգերու մէջ.

 

> Պէտէվի ցեղախումբերու կողմէ առեւանգուած բազմահազար անչափահասներ եւ մանկամարդուհիներ, որոնք վերադարձուեցան Հոկտեմբեր 1918-ի Զինադադարէն ետք։

>Հարիւր հազարէ աւելի տարագրեալներ, մեծաւ մասամբ կիլիկեցի, որոնք կը գտնուէին աննկարագրելի պայմաններու մէջ, երբ յայտնաբերուեցան Պաղեստինն ու Սուրիան նուաճող անգլիական բանակին կողմէ,1917-1918- թուականներուն։

 

Մի քանի տասնեակ հազարաւոր մազապուրծ տարագրեալներ ալ հանրագրուած են Կովկասի եւ Պարսկաստանի մէջ։

 

 

Հայրենի օճախ վերադարձած հայոց թուացուցակ  

(Փետրուար 1919)


Ըստ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի տեղեկատու դիւանի

 

 

ՎԱՅՐ

 

ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁԱԾՆԵՐ

 

Կոստանդնուպոլիս      470
Էտիրնէ   2 355
Էրզրում   3 193
Ատանա 45 075
Անկորա   1 735
Այտը     132
Պիթլիս     762
Պուրսա 13 855
Տիարպէքիր      195
Սըվազ   2 897
Տրապիզոն   2 103
Քասթամունի          0
Գոնիա 10 012
Մամուրէթ-ուլ- Ազիզ   1 992
Վան      732
Էսկիշէհիր      216
Էրզինճան         7
Ուրֆա      394
Իճիլl          0
Իզմիթ 13 672
Պօլու          0
Թէքէ          0
Ճանիք      801
Չաթալճա          0
Այնթապ      430
Գարահիսար      298
Տարտանէլ      222
Գարասի      899
Քայսերի (Կեսարիա)        47
Քիւթահիա      721
Մէնթէշէ          0
Նիկտէ          0
Գումար 103 215

 

 

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵՆԷՆ ՃՈՂՈՊՐԱԾՆԵՐԸ՝ ՅՈՅՍԻ ԵՒ ՅՈՒՍԱԽԱԲՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԵՒ

  carte C6 exode

Ցեղասպանութենէն վերապրողները՝ ձգուած ճակատագրի քմահաճոյքին, ցրուեցան արաբական տարածաշրջաններու մէջ։ Ամէն ընտանիք իր անդամներուն երեք քառորդը կորսնցուցած էր արդէն։ Մեծաւ մասամբ կանայք եւ անչափահասներ, բոլորն ալ յոյս ունէին վերադառնալու իրենց ծննդավայրը։

Ֆրանսան ձեռք անցուցած ըլլալով Կիլիկիոյ շրջանի զինուորական եւ վարչական հսկողութիւնը, հայրենազրկուած հայ մնացորդաց դէպի Կիլիկիա հայրենադարձութիւնը կազմակերպեց։ Ֆրանսայի հովանաւորութիւնը վայելող այս լայն գործունէութիւնը կեանքի կոչուեցաւ Յունուար1919-ին։ Սակայն, կարճ ժամանակ ետք, Հոկտեմբեր 1921-ին, Ֆրանսան քեմալական Թուրքիոյ հետ համաձայնագիր ստորագրելով Կիլիկիան յանձնեց Թուրքիոյ։ Սոյն դաշնագրին հետեւեցաւ հայկական նոր գաղթ մը դէպի Սուրիա եւ Լիբանան։

 

 carte  cilicie  carte c3 le levant

 

 

 

ՅԵՏՊԱՏԵՐԱԶՄԵԱՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿԻ ԺԱՄԱՆԱԿԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Exode des Arméniens à la gare d’Adana Հայերու արտագաղթը, Ատանայի կայարան, Նոյեմբեր 1921 (Փօլ տիւ Վէու, Paul du Véou, La Passion de la Cilicie: 1919-1922, Paris: Geuthner, 1954)

 

1917- Անգլիացիներու կողմէ Պաղտատի գրաւում (Մարտ), Երուսաղէմի գրաւում (Դեկտեմբեր)։ Լքուած հայ բազմաթիւ երախաներու յայտնաբերում։ Սկիզբ՝ որբահաւաքի։ Առաջին որբանոցներու հիմնում։

• 31 Հոկտեմբեր 1918 - Մուտրոսի Զինադադարի ստորագրում։ Դաշնակից ուժերու կողմէ Սուրիոյ եւ Կիլիկիոյ գրաւում։ Եւրոպայի պետութիւններն ու հանրային կարծիքը կը կարողանան չափել օսմանեան Հայոց քայքայման տարողութիւնը։

• Յունուար 1919 - Հայերու հայրենադարձութեան նուիրուած Կեդրոնական Սպասարկութեան ստեղծում։ Հայ տարագրեալներու փոխադրութեան սկիզբ Հալէպէն, Պէյրութէն եւ Դամասկոսէն դէպի Կիլիկիա։ Ֆրանսան կը հոգայ ծախսը։

• 1 Փետրուար 1919 - Կիլիկիոյ մէջ Ֆրանսական վարչութեան հաստատում. նստավայր՝ Ատանա։

• Փետրուար 1919 - Լքուած եւ մազապուրծ հայ կանանց առաջին պատսպարանի գոյացում Հալէպի մէջ։

• 20 Հոկտեմբեր 1921 - Անգարայի համաձայնագրի եզրափակում, ուր որոշուեցաւ Կիլիկիան յանձնել Թուրքիոյ։ Հայոց զանգուածային գաղթի սկիզբ Կիլիկիայէն դէպի Սուրիա եւ Լիբանան։

Դեկտեմբեր 1921-էն Յունուար 1922 - Պէյրութի, Ալեքսանտրէթի, Հալէպի եւ Դամասկոսի մէջ գաթակայաններու հաստատում։

Մարտէն Սեպտեմբեր 1922- Ամերիկեան Միջին Արեւելեան Նպաստամատոյց Կազմակերպութեան (Near East Relief) պաշտպանութեամբ 10017 հայ որբերու փոխադրութիւն Թուրքիոյ արեւելեան նահանգներէն դէպի Սուրիա եւ Լիբանան։ Որբանոցային ցանցի գոյացում Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ, հայ եւ արեւմտեան կազմակերպութիւններու տնօրինութեամբ։

23 Յուլիս 1923- Լոզանի համաձայնագրի ստորագրում։ Վերջ կը դրուի ազգային օճախի մը մէջ հայ տարագրեալներու համախմբումի յոյսին։

 

 2. ՀԱՒԱՔ ԵՒ ՀԱՄԱՐԿՈՒՄ - ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ


Անգլիական զօրքերը հազիւ մտած օսմանեան հողատարածք, հայեր յատուկ աշխատանք թափեցին լքուած հայ կանայք եւ անչափահասները հաւաքելու եւ խմբաւորելու ու տեղաւորելու ասպնջատուներու մէջ (ընդունման մասնաւոր օթեւաններ)։ Ասոնք լայնածաւալ առաջին նախաձեռնութիւններն են օսմանեան կայսրութեան արաբական տարածաշրջաններու մէջ ցեղասպանութենէն մազապուրծ երախաները վերախմբաւորելու նորահաստատ որբանոցներու մէջ։ Այսուհետեւ, թուրք, քիւրտ, պէտէվի ընտանիքներու կողմէ առեւանգուած եւ վերադարձուած որբերու, կանանց, անչափահասներու հոգատարութիւնը ստանձնող մարդասիրական առաքելութիւնը դարձաւ առաջնահերթ գործունէութիւնը հայ եւ արեւմտեան յանձնառու կազմակերպութիւններուն։ Անոնք նպատակադրեցին փրկել ցեղասպանութեան մնացորդացը եւ օգնել անոնց։

 

 

 

Օսմանեան հայոց ներկայութեան թուացուցակ

Սեւրի դաշնագրի ստորագրութեան նախօրեակին


Ըստ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի տեղեկատու դիւանի

 

ՎԱՅՐ, ՆԱՀԱՆԳ (ՎԻԼԱՅԷԹ), ԳԱՒԱՌ (ՍԱՆՃԱՔ) ՀԱՄՐԱԳՐՈՒԱԾ ՀԱՅԵՐՈՒ ԹԻՒ
Կոստանդնուպոլիս 150 000
Էտիրնէյի նահանգ     6 000
Իզմիթի մութասարիֆութիւն   20 000
Պուրսայի նահանգ   11 000
Պիլէճիքի սանճաք     4 500
Գարասիի սանճաք     5 000
Աֆիոն Գարահիսարի սանճաք     7 000
Այտընի նահանգ   10 000
Քասթամունիի եւՊոլուի նահանգ     8 000
Քիրշէհիրի սանճաք     2 500
Եոզկաթի սանճաք     3 000
Անկորայի սանճաք     4 000
Գոնիայի նահանգ   10 000
Սվազի սանճաք   12 000
Թոքաթի սանճաք     1 800
Ամասիայի սանճաք     3 000
Շապին Գարահիսարի սանճաք     1 000
Տրապիզոնի սանճաք            0
Լազիստանի սանճաք   10 000
Կիւմիւշհանէյի սանճաք            0
Ճանիքի սանճաք     5 000
Էրզրումի նահանգ     1 500
Վան քաղաք        500
Պիթլիսի նահանգ            0
Տիարպէքիրի նահանգ     3 000
Խարբերդի սանճաք   30 000
Մալաթիայի սանճաք     2 000
Տերսիմի սանճաք     3 000
Ատանայի նահանգ 150 000
Հալէպի սանճաք     5 000
Այնթապի սանճաք   52 000
Ուրֆայի սանճաք     9 000
Մարաշի սանճաք   10 000
Երուսաղէմ     2 000
Դամասկոս        400
Պէյրութ     1 000
Հաուրան        400
Գումար 543 600

 

 

3. ԴԱՀԻՃՆԵՐՈՒ ՊԱՏԻԺԸ . ԱՆԱՒԱՐՏ ԳՈՐԾ 


IV.4.2Սողոմոն Թեհլիրեան (1897-1960) Երիտ-թուրք կուսակցութեան ղեկավար եւ ներքին գործոց նախարար Մէհմէտ Թալաաթի սպանութենէն անպարտ արձակուած, 15 Մարտ 1921 (Նուպարեան մատենադ. հաւաքածոյ)Մուտրոսի Զինադադարին (31 Հոկտեմբեր 1918) յաջորդող օրերուն,Իթթիհատական պարագլուխները խոյս տուին Գերմանիա։ 21 Նոյեմբեր 1918-ին կայսերական հրամանագրով հետաքննութեան յանձնախումբ կազմուեցաւ Ընդհանուր Ապահովութեան գրասենեակին կողմէ, ապա զինուորական ատեան՝ որուն պարտականութիւն տրուեցաւ ոճրագործ Երիտ-թուրքերը դատել։ Գլխաւոր դատը սկսաւ 27 Ապրիլ 1919-ին, Կոստանդնուպոլիս, զինուորական արտակարգ ատեանի առջեւ։ Դատավարութեան թիրախն էին ցեղասպանութեան ուղղակի պատասխանատուները, նախարարական խորհուրդի անդամները, Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն- կեդրոնական Կոմիտէն։

Պէտք է ներկայ ըլլային Իթթիհատական կեդրոնական կոմիտէի 23 տիտղոսակիրներն ու քաղաքական դիւանը։ Սակայն անոնցմէ 12-ը, յատկապէս       Մէհմէտ Թալաաթը, Իսմայիլ Էնվէրը, Ահմէտ Ճեմալը, բժիշկներ Պէհաէտտին Շաքիրն ու Նազըմը արտասահման փախած էին։ Իթթիհատականներու դատը սկսաւ միայն երկրորդ կարգի պատասխանատուներու ներկայութեան. Հալիլ Մէնթէշէ, Միտհատ Շիւքրիւ, Զիա Կէօքալփ, Քարա Քեմալ, Եուսուֆ Րըզա, Սայիտ Հալիմ (նախկին մեծ վիզիր), եւլ։  

Վերջիվերջոյ, կայացած տասնեակ մը դատավարութիւններու արդիւնքին՝ կախաղանի դատավճիռ արձակուեցաւ անոնցմէ երեքին դէմ, գլխաւոր պատասխանատուները մահուան դատապարտուեցան իրենց բացակայութեան։

Գլխաւոր ոճրագործները միջազգային ՙբարձր դատարան՚ի մը առջեւ հանելու անգլիական եւ ֆրանսական պետութիւններու ջանքերը մնացին ապարդիւն։

Ուստի, հայ մարտիկներ իրենց վրայ առին դատավճիռի իրագործումը եւ փոխարինեցին թերացած արդարութիւնը։ ՝Նեմեսիս՛ կոչուած գաղտնի գործողութեան շրջանակի մէջ հալածեցին եւ մէկիկ մէկիկ սպաննեցին արտասահման փախած Իթթիհատական պարագլուխները ։

Ամենախորհրդանշականը եղաւ Մէհմէտ Թալաաթի պարագան։ Զանգուածային վայրագութիւններու այս մեծ կազմակերպիչը սպաննուեցաւ Պէրլինի մէջ, 15 Մարտ 1921-ին, Սողոմոն Թեհլիրեանի կողմէ։

 

 

 

 

4. ՕՐՕՐԱ ՄԱՐՏԻԿԱՆԵԱՆԻ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԱՆՈՐ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԻՋՆՈՐԴՈՒԹԻՒՆԸ

՝Բռնաբարուած Հայաստան՛ (“Ravished Armenia”) ֆիլմը, որ արտադրուեցաւ Հոլիուուտի մէջ 1919 թուականին, ներշնչուած էր անոր պատմութենէն։


Aurora Mardiganian "Ravished Armenia" (ՙԲռնաբարուած Հայաստան՚) ժապաւէնի գովազդ, ԻՎՕրօրա Մարտիկանեան ծնած է 1901 թուականին, Չմշկածագ, Խարբերդ/Մամուրէթ ուլ- Ազիզ նահանգի հիւսիսը։ Ենթարկուած է հայ տարագիրներու ճակատագրին։ Գաղթականներու իր կառախումբը անցած է տարանցումային ամենամեծ ճամբարէն եւ սպանդանոց-կայանէն, որ կը գտնուէր Մալաթիայէն տասնեակ քմ. հարաւ, Ֆըրընճըլար դաշտագետինը, Քահթա կիրճի մուտքին, ուր Թէշքիլաթ-ի-Մահսուսայի զօրագունդերը աննկարագրելի ոճիրներ գործեցին 1915-ի ամառը։

Այս ցաւալի ոդիսականին շարունակութիւնը բեմադրուած է եւ նկարահանուած 1919-ին Հոլիուուտի մէջ։

Մեծ Պատերազմի վաղորդայնին, Գալիֆորնիոյ հայերը ֆիլմի հերոսուհին Օրօրան ընտրեցին, որ անձնապէս պատմէ իր պատմութիւնը ։ Պատմութիւն մը, որ նպատակադրուած էր ահազանգելու եւ լայն հանրութեան ուշադրութիւնը ուղղելու դէպի օսմանեան կայսրութեան մէջ հայոց դէմ կատարուած ոճիրները։ Օրօրա Մարտիկանեան նաեւ գիրքով մը լոյս ընծայեց իր կեանքի պատմութիւնը, որ թարգմանուեցաւ բազմաթիւ լեզուներու, ինչ որ հիմք ծառայեց ֆիլմի բեմագրութեան։

Օ. Մարտիկանեան հաստատուեցաւ Գալիֆորնիա, ընտանիք կազմեց եւ շիջեցաւ 1994-ին։

Ֆիլմին բնագիրը տակաւին զերծ չըլլալով իրաւունքներու օրէնքէն, համացանցային հետեւեալ կապով կը յղենք ձեզ ֆիլմի տարբերակներէն մէկուն։


https://www.youtube.com/watch?v=uTnCaW-Uo_s