ՏԱՐԻՐԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ  - ՀԱՅԱՍՏԱՆ 1915


 

 

ՆԱԽԱԲԱՆ ՆԵՐԱԾԱԿԱՆ I. ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՆԱԽԱԴՐԵԱԼԸ II. ԲՐՏՈՒԹԵԱՆ ՏՐԱՄԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ III. ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ IV. ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՎԱՂՈՐԴԱՅՆ ՀԱՇՈՒԵԿՇԻՌ V. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿՈՏՈՐԱԾՆԵՐԸ ՓԱՐԻԶԷՆ ԴԻՏՈՒԱԾ

 

 

ՆԱԽԱԲԱՆ


Exposition Arménie 1915 Paris

ՙՏԱՐԻՐԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ՚ը տեւականացումն է ՙՀԱՅԱՍՏԱՆ 1915՚ խորագրեալ ցուցահանդէսին, որ տեղի ունեցաւ հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ Փարիզի քաղաքապետարանի սրահներուն մէջ, քաղաքապետուհի Անն Հիտալկոյի նախաձեռնութեամբ։ Բացումը կատարուեցաւ 29 Ապրիլ 2015-ին ու տեւեց մինչեւ Յուլիս 4-ը։

Ծրագրի հեղինակն է պատմաբան Յարութիւն-Ռէմոն Գէորգեան, որուն ղեկավարութեամբ տարուեցան բոլոր աշխատանքները։ Կազմաւորման ու գործադրութեան նպաստեց Փարիզի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Նուպարեան մատենադարանը, որ նաեւ տրամադրեց իր հաւաքածոները։ Թանկագին մասնակցութեամբ իր աջակցութիւնը բերաւ Երեւանի Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը։

Եւրոպայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նիւթով ցարդ կայացած ցուցահանդէսներէն ամենածաւալունն է ՙՀԱՅԱՍՏԱՆ 1915՚ը. կ’ընդգրկէ աւելի քան 500 լուսանկարներ, վկայաթուղթեր ու փաստաթուղթեր։ Այստեղ նիւթերը կը ներկայացուին տարանջատումներով եւ վերամշակուած բնագրերով։ Բաժնուած են հետեւեալ գլուխներու.

- ԺԹ. դարու վերջաւորութեան օսմանահայ ընկերութեան առօրեայ կառոյցները,

- 1908-էն 1914-ի միջեւ իշխանութեան գլուխ անցած Իթթիհատականներու գաղափարախօսութեան արմատականացումը, որ դէպի ցեղասպանութիւն առաջնորդեց,

- Ցեղասպանութեան գլխաւոր հանգրուանները՝ 1915 եւ 1916 թուականներուն,

- Համաշխարհային Ա. Պատերազմի աւարտին մարդկային եւ քաղաքական հաշուեկշիռ,

- Հայոց ճակատագրին նկատմամբ Ֆրանսայի հակազդեցութիւնները։

 

 

 ՝Անձկութեան մատնուեցայ, երբ Հայերուն վերաբերող այս հեռագիրները ստացայ ։ Չկրցայ քնանալ գիշերը։ Սիրտը չէր կրնար ասոր հանդէպ անտարբեր մնալ։ Սակայն, եթէ մենք չընէինք, անոնք պիտի ընէին։ Բնականաբար մենք է որ սկսանք։ Մեր ազգին համար կենաց մահու խնդիր էր։՛

                  Օսմանեան կայսրութեան արտաքին գործոց նախարար՝

                                            Հալիլ Մէնթէշէի յուշեր

 


ՆԵՐԱԾԱԿԱՆ

Հայ մտաւորականութեան եւ քաղաքական ընտրանիի ձերբակալութիւնները սկսան 1915 թ.ի Ապրիլ 24-ին։ Գործադրուեցան կառավարութեան գլուխն անցած Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կոմիտէի հրամանով, ընդգրկեցին Պոլսոյ եւ նահանգներու կարեւոր քաղաքները, բացայայտ դարձնելով կատարուող ցեղասպանութեան բնոյթն ու տարողութիւնը։

II.1 1 resultԻնչպէս 20-րդ դարու ընթացքին յաճախ տեսնուած է, պետութեան կողմէ իր բնակչութեան մէկ մասին դէմ գործադրուած այս բնաջնջիչ բրտութիւնները ընթացք առած են պատերազմի մթնոլորտի մէջ։    

Յուլիս 1908-ին, Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն (Իթթիհատ վէ Թերաքքի) կոմիտէին իշխանութեան գլուխ գալը մեծ յոյսեր ներշնչեց Սուլթանի միահեծան նախկին վարչաձեւին տակ հալածուած ժողովուրդներուն։ Բայց միեւնոյն ժամանակ, ատոր արդիւնքը եղաւ այն, որ ազգայնօրէն միատարր ազգ-պետութեան ձեւաւորումը մտածուի։ Իթթիհատական պարագլուխներու համար (ՙԵրիտասարդ թուրք՚ կոչուող ազգայնական թեւին ներկայացուցիչները), օսմանեան տկարացած կայսրութիւնը վերաշխուժացնելու կարելի միակ միջոցն էր ազգ-պետութիւնը։ Այս ծրագիրը գաղտնօրէն կը փայփայէր բացառումը այն հաւաքականութիւններուն, որոնք ընդհանուրին մէջ անձուլելի կը նկատուէին, կամ որոնց գոյութիւնը արգելք կը հանդիսանար կայսրութեան եւ անոր բնակչութեան միասնականացման։

Օսմանեան տարածքներու յաջորդական կորուստները, մանաւանդ 1912-1913-ի Պալքանեան պատերազմի նուաստացուցիչ հետեւանքները, խախտեցին Իթթիհատականներու կեդրոնական մարմնին հաւասարակշռութիւնը։ Ղեկավարութիւնը անցաւ ծայրայեղականներուն։

1912-1913 թուականներուն իշխանութեան կողմէ հայ եւ յոյն վաճառականներու դէմ կիրարկուած առեւտուրի արգելքի արշաւը անհետացուց վերջիններուս պատրանքները, առաւել՝ մահմետական հանրային կարծիքին մէջ արմատացուց ՙդաւաճան՚ հայու եւ յոյնի պատկերը։

Օսմանեան նախկին վարչաձեւէն ժառանգուած խարանումի այս գործընթացը, եւ յատկապէս 1894-1896 թուականներու հայերու դէմ կիրարկուած ջարդերը, պատրաստեցին տրամադրութիւնները յոյներու, ասորիներու եւ հայերու դէմ ցեղասպանութեան գործադրութեան, որ ըմբռնուեցաւ իբրեւ օրինաւոր ՙպատժամիջոց՚։