Կ.ՊՈԼՍՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻՆ ԱՐԽԻՒՆԵՐԸ


Կ.Պոլսոյ Պատրիարքարանին արխիւները Նուպարեան գրադարանին գլխաւոր հաւագածոներուն շարքին կարեւոր տեղ մը կը գրաւեն։ Առաջին համաշախարհային պատերազմին տաքնապալի օրերուն եւ նոյնաժամանակ Թուրքիոյ նորակազմ հանրապետութեան (1923) հետեւանք, Պատրիարքարանի արխիւները փոխադրուած են Փարիզ։

Կ.Պոլսոյ պատրիարքարանը լուծուած էր 1916 թուականին Օսմանեան կառավարութեան կողմէ, արդէն իսկ արեւելեան հայաբնակ նահանգները vilayet պարպուած էին և Զաւէն Պատրիարք Տէր Եղեաեանը արտաքսուած ։ Կ.Պոլսոյ պատրիարքարանը կը վերահաստատուէր 1918 ին Օսմանեան կայսրութեան պարտութեանը վաղորդայնին և Դաշնակից ուժերուն մայրաքաղաք մուտք գործելէն անմիջապէս յետոյ։

Քեմալական զինեալ ուժերուն Պոլիս մուտքին նախօրեակին, պատրիարքարանի արխիւներուն մէկ մասը կ’ուղղարկուի Մանչէսթըր քաղաքը Գրիգոր Եպիսկոպոս Պալագեանի մօտ։ Այս օր նոյն հաւագածոն է որ կը գտնուի Նուպարեան գրադարանը, Փարիզ։ Մաս մըն ալ Ֆրանսայէն դէպի Երուսաղէմի Պատրաիարքարանը ուղղարկուած է 1938 թուականին և մինչև այսօր կը գտնուի նոյն տեղը։

Նուպարեան գրադարանը գտնուող Կ.Պոլսոյ Պատրիարքարանին արխիւները կը պարունակեն հետեւեալ ծրարները։

 

► Պատրիարքարանի թղթակցութիւնները` Օսմանեան կայսրութեան գաւառներուն մէջ գտնուող եկեղեցականներու եւ աշխարհականներու ուղղուած ։

► Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեանին Քաղաքական թղթակցութիւններուն օրինակները-պատճէնները, որոնք ուղղարկուած են Դաշնակցական ուժերու ներկայացուցիչներուն, Կ.Պոլիս։

►   Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի անձնական արխիւը ։

►  Կ.Պոլսոյ պատրիարքարանի կողմէ կատարուած Օսմանեան կայսրութեան հայ բնակչութեան մարդահամարը, 1913 -1914 ։

 

Կ.Պոլսոյ Պատրիարքարանի արխիւներու ընդհանուր ցանկը .

 

pdfFonds Patriarcat de Constantinople.pdf