ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՐԽԻՒՆԵՐԸ


Հայ Ազգային պատուիրակութիւնը ստեղծուեցաւ 1912 թուականին հայերուն իրաւունքները պաշտպանելու հեռանկարով, նոյն ժամանակ երբ մեծ պետութիւնները բարեփոխումներ կը պարտադրէին Պերլինի 1878ին տեղի ունեցած համաժողովէն սկսեալ Օսմանեան Կայսրութեան արեւելքի վիլայէթներուն մէջ ապրող քրիստոնեաներուն ի նպաստ։ Գէորգ Ե. Կաթողիկոսին առաջարկով Ազգային պատուիրակութեան նախագահութեան պաշտօնը յանձն կ’առնէ Պօղոս Նուպար Փաշան, հաստատուելով Փարիզ 1912 տարուան վերջաւորութեանը, ուր դիւանագիտական աշխատանք կը կատարէ առաջին համաշխարհային պատերազմին դաշնակից պետութիւններու մօտ, նոյնպէս Սեւրի դաշնագրութեան բանակցութեան պահուն (1919) մասնակցելով երկրորդ պատուիրակութեան կողքին նորածնունդ Հայաստանի հանրապետութեան ներկայացուցիչին քով։ Ազգային Պատուիրակութեան արխիւները ղեկաւարուած Նուպար Փաշայի կողմէ պահուած էր Նուպարեան գրադարանը եւ յետոյ ուղղարկուած Հայաստան 1980 թուականին։ Այսօր Ազգային պատուիրակութեան արխիւները կը գտնուին Հայաստանի ազգային արխիւներու քով։ Փարիզ կը գտնուին ազգային պատուիրակութեան թղթակցութիւնները, սկսեալ 1913 էն մինչեւ 1921 թուականները եւ նաև Արամ Անտոնեանի պարբերական մամուլին ընտրուած կարեւոր հաւագածոն 1919էն 1923։ Արամ Անտոնեան ազգային պատուիրակութեան քարտուղարի պաշտօնը վարած էր այդ շրջանին։

 

 

 

 

 

ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՐԽԻՒՆԵՐՈՒ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՑԱՆԿԸ .

 

 Fonds DNA.pdf