Հ.Բ.Ը.Մ. – Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն


ՀԲԸՄիութեան  մարդասիրական գործողութիւնները ճանչցան առաջին տագնապը 1909ի Ատանայի կոտորածի օրով, երբ մարդասիրական օժանդակութիւնները հասան Կիլիկիոյ գաղթականներուն Տէօրթ Եօլ և Ալեքսանտրէթի շրջակայքը։

Այս դէպքերը պատճառ դարձան ՀԲԸՄիութեան գործողութիւններուն առաջին համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին Օսմանեան կայսրութեան մէջ տարածուելուն, աջակցութեամբ դպրոցական հաստատութիւններուն և տեղական յանձնախումբերուն։

Պատերազմին աւարտին հայոց ցեղասպանութեան աղէտեալներուն օգնութեանը հասած է Պաղեստին, Յորդանան,Սուրիա և Միջագետք, հիմնելով բազմաթիւ որբանոցներ, ապաստարաններ, դարմանատուներ և դպրոցներ միջին արեւելքի մէջ, նաեւ նախկին Օսմանեան կայսրութեան նահանգը եղող Կիլիկիոյ, մինչեւ իսկ ֆրանսացիներու կողմէ պարպուիլը։

Մինչև 1930 ական թուականները սովետական Հայաստանի մէջ ազգային տուն մը ստեղծելու փորձ մը կը կատարուէր, նախքան Լիբանանի վրայ կեդրոնանալը որ Ֆրանսական գերիշխանութեան տակ կը գտնուէր։ Նոյնպէս միջերկրականի միւս երկիրները Յունաստան,Կիպրոս և Եգիպտոս, ելն։

Սփիւռքի գլխաւոր հաստատութիւններէն մին է որ առ այժմ կեդրոնական վարչութիւնը կը գտնուի Նիւ Եօրք։


 

   յաւելեալ →