ՆՈՒՊԱՐԵԱՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆԻ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔԱԾՈՅ


 

Լուսանկարներու հարուստ հաւաքածոյ մը գոյութիւն ունի Նուպարեան գրադարանին մէջ ։ Այս հաւաքածոն օրէ օր հարստացած է շնորհիւ նուիրատուներուն։

 

Լուսանկարներուն կարեւոր բաժինը կը կազմեն 10 000 օրինակներ սկսեալ 1890էն մինչև 1940 թ. որոնք դասաւորուած են աշխարագրական տուեալներով ։ Միւս բաժինը կը պարունակէ կենդանագիրեր եւ անհատական լուսանկարներ

 

Առաջինին մէջ գտնուող լուսանկարները ցոյց կու տան ՀԲԸՄիութեան կատարած աշխատանքը առաջին համաշխարհային պատերազմին աւարտին Միջին-Արևելքի մէջ և քսաներորդ դարու սկիզբը սփիւռքի կարեւոր կեդրոնները (Յունաստան, Կիպրոս, Ֆրանսա, Միացեալ նահանքներ, եւլն:)