ՆՈՒՊԱՐԵԱՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆԸ

ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԿԱՅՍՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ԺԱՌԱԳՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

 

 

Օսմանեան Կայսրութեան  հայ բնակչութեան ժառանգիւթիւնը պահպանելու խարիսխը


Bibliothèque Nubar

ՀԲԸՄի Նուպարեան գրադարանը հաստատուած է 1928 թուականին Պօղոս Նուպար Փաշայի նախաձեռնութեամբ, առաջին օրէն իսկ գրադարանին ղեկավարութիւնը կը յանձնէր Պոլսահայ նախկին լրագրող Արամ Անտոնեանին, որ կը վարէր Փարիզի մէջ ազգային պատուիրակութեան քարտուղարի պաշտօնը առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտէն ի վեր։

Հիմնադիրներուն նպատակն էր Նուպարեան գրադարանը դառնար կեդրոն մը, համախմբելու պահպանելու և ուսումնասիրելու Օսմանեան Կայսրութեան  հայ բնակչութեան հօրենական ժառանգը որ հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին քանդուած էր։

Նուպարեան գրադարանին Փարիզ ստեղծման գաղափարը Նուպար Փաշային փափաքն էր, որ կը մտածէր սփիւռքի մէջ ապահովել հայ համայնքին զարգացման յարատեւութիւնը, ապահովել ապագայ սերունդներու ծաղկումը և կառուցել Հայաստան մը իր պատմական հողերուն վրայ։

Զարմանալի չէր որ նոյն ժամանակ Պօղոս Նուպար Փաշան միևնոյն հեռանկարով կը հաստատեր Նուպարեան գրադարանը և Հայ ուսանողներու տունը, Փարիզի համաշխարհային ոստայնին մէջ։

Նուպարեան գրադարանին այս իւրայատուկ հանգամանքը կը բացատրէ աւելի քան 80 տարիէ ի վեր ստացած կարևորութիւնը, ըլլալով հմտութեան և մշակոյթի կեդրոն մը միջին Արևելքի, Օսմանեան կայսրութեան հայութեան, հայկական հարցին (քաղաքական և դիւանագիտական) եւ վերջապէս հայոց ցեղասպանութեան նիւթերուն նուիրուած։

Aram AndonianԱրամ Անտոնեան, 24 Ապրիլ 1915 թուականին ձերբակալուած և տարագրուած մտաւորականներուն շարքին մաս կազմած էր։ Աքսորուած մինչեւ Սուրիոյ Մէսքէնէի աքսորավայրը, Արամ Անտոնեան աշխոյժ աշխատանքի կը լծուէր մինչեւ իր կեանքին վերջը (1951) հաւաքելով և դասաւորելով բազմաթիւ յուշեր որոնք վկայած են և պիտի վկայէն իր ժողովուրդին քանդումը։

Այս հաւաքածոն որոնք « Նիւթեր տարագրութեանց եւ կոտորածներու պատմութեան համար » ըլլալով խորագրած էր Անտոնեան, կը կազմեն գրադարանին կարեւոր բաժիններէն մէկը։ Իրեն յաջորդողներն ալ նոյն մտայնութեամբ գործունէութիւնը շարունակեցին մինչև հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակը։

 

 

 

Սփիւռքի գրաւոր եւ պատկերագրական աղբիւրներու գլխաւոր կեդրոններէն մին


Bibliotheque Nubar

Նուպարեան գրադարանը տարիներու ընթացքին դարձած է սփիւռքի կարեւոր վաւերագրութեան կեդրոն մը, օսմանեան կայսրութեան հայ բնակչութեան, ժամանակակից պատմութեան և սփիւռքի համայնքներուն։

Այս նպատակով էր որ գրադարանին հիմնադիրը Պօղոս Նուպար փափաքած էր զայն հիմնել Փարիզի մէջ։ Գրադարանին առաքելութիւնն էր հաւաքել և դասաւորել  նիւթեր որոնք կը պատկանէին արեւմտահայ աշխարհին, սփիւռքի հայ համայնքին, որոնք անփոխարինելի ժառանգական արժէք մը կը ներկայացնէին սփիւռքահայութեան։

Պէտք է ընդգծել պարունակած աղբիւրներուն կարեւորութիւնը, նաեւ վերջին երեսուն տարիներուն ընթացքին հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար կատարուած հետազօտական աշխատանքները։

Գրադարանին հաւաքածոները կը համախմբեն .

  • 43 000 տպագրուած գիրքեր, մեծ թիւով տպագրուած են Կ.Պոլիս ԺԹ. դար և Ի. դարու սկիզբը, նաև Վենետիկի մէջ ԺԷ. դար և Ի. դարու սկիզբը։
  • 800 000 վաւերաթուղթեր, Պոլսոյ Պատրիարքարանի արխիւներուն մէկ մասը, բացառիկ փաստաթուղթեր հայոց ցեղասպանութեան նիւթերուն մասին (Արամ Անտոնեանին հաւաքածոն), ՀԲԸՄիութեան և Ազգային պատուիրակութեան դիւանաթուղթերը։
  • 1 400 օրինակ պարբերաթերթ, մեծամասնութիւնը կը պատկանին Օսմանեան կայսրութեան օրով լոյս տեսած հայ մամուլին
  • 10 000 տպաքանակ լուսանկարներու բնագիրներ, ՀԲԸՄիութեան լուսանկարներու հաւաքածոն որբերուն նուիրուած, գաղթականներուն և միջին Արևելքի մէջ առաջին համաշխարհային պատերազմէն յետոյ հաստատուած դպրոցներուն։
  • Հարիւրաւոր ձեռագիրներ ԺԹ. և Ի. դարերու։

    

 

 

 

Միջազգային եւ տարբեր հորիզոններէն եկող հանրութիւն մը


Bibliothèque NubarՆուպարեան գրադարան կ’ուղղուին միջազգային շրջանակի անձեր որոնք իրենց նախահայրերուն անցեալին մասին տեղեկութիւններ կը փնտռեն կամ կը փափաքին վերահաստատել իրենց հայկական ինքնութեան հետ ունեցած մշակութային կապը, ուսանողներ, համալսարանական մակարդակի հետազօտներ, լրագրողներ, արուեստագետեր, արտադրիչներ (ժապաւէն), անոնք որոնք հայոց և սփիւռքի պատմութեամբ հետաքրքրուած են։

Գրադարանը բաց է համաշխարհային հետազօտողներու, որովհետև սփիւռքի մէջ միակ հաստատութիւնն է անխտիր` հանրութեան տրամադրութեան տակ դնելով Օսմանեան կայսրութեան մաս կազմող հայկական աշխարհին վերաբերեալ հարուստ նիւթեր։

Համացանցի միջոցով Միացեալ Նահանգներէն, Գանատայէն, Թուրքիայէն, Պրազիլէն, Արժանթինէն, Ուրուկուայէն, Իտալիայէն, Անգլիայէն, Զուիցերիայէն, Պելճիքայէն, Գերմանիայէն, Աւստրալիայէն, Հայաստանէն, Լիբանանէն և նաև Ֆրանսայէն կը կապուին, գրադարանին հնարաւորութիւնները գործածելու համար։

Ներկայիս սփիւռքի տարածուած վիճակին հետեւանք երթալով համացանցի շնորհիւ նոր թելադրութիւն մը կը զարգանայ Նուպարեան գրադարանին շուրջ։

ՀԲԸՄիութեան Նուպարեան գրադարանը յաճախ կը տրամադրէ իր հաւաքածոն, մանաւանդ լուսանկարները որոնք գործածուեցան զանազան ժապաւէններու պատրաստութեան մէջ հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ։

 

 

 

Ֆրանսայի և Եւրոպայի մէջ յանձնարարուած կեդրոն մը


1980 ական տարիներուն  վերջին շրջանէն սկսեալ գրադարանին հետազօտական կեդրոն մը ըլլալը հաստատուած է, մանաւանդ ժամանակակից պատմութեան նաեւ կը հիւրընկալեր միջնադարեան պատմութեան մասնագէտներ, արուեստի պատմաբաններ,մարդաբաններ, քաղաքագէտներ նաև երաժիշտներ, ևլն։

Նուպարեան գրադարանը հետզհետէ Ֆրանսական և Եւրոպական գիտնական շրջանակին մէջ ճանաչում գտած է շնորհիւ իր զանազան հրատարակութիւններուն։

 

revue etudes arm

Յունուար 2015 էն իվեր գրադարանին հրատարակած պարբերաթերթը Études arméniennes contemporaines («Ժամանակակից հայկական ուսումնասիրութիւններ») դարձած է հայկական աշխարհին նուիրուած համացանցային առաջին գիտական հանդէսը։

Գրադարանին տարած գիտական աշխատանքին հետևանք մանաւանդ 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան նիւթերուն, Ֆրանսական և Եւրոպական հանրութեան համար յանձնարարուած կեդրոն մը դարձած է։

Կը մասնակցի կանոնաւորապէս դասախօսութիւններու և ցուցահանդէսներու։ Վերջինը կազմակերպուած էր Փարիզի քաղաքապետարանը Րեմոնտ Յարութիւն Գեորգեանի ղեկավարութեան տակ, մեծ թիւով Ֆրանսական և Եւրոպական շրջանակներէն այցելուներ յաճախած էին հայոց ցեղասպանութեան հարիւրորդ տարեդարձին առթիւ։

Ցուցադրուած էր վաւերաթուղթեր, փաստաթուղթեր, նկարներ, ձեռագիրներ, արխիւներ և իրեր, որոնց մեծամասնութիւնը Նուպարեան գրադարանին հաւաքածոյին կը պատկաներ։