ՆԱԽԱԲԱՆ ՆԵՐԱԾԱԿԱՆ I. ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՆԱԽԱԴՐԵԱԼԸ II. ԲՐՏՈՒԹԵԱՆ ՏՐԱՄԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ III. ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ IV. ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՎԱՂՈՐԴԱՅՆ ՀԱՇՈՒԵԿՇԻՌ V. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿՈՏՈՐԱԾՆԵՐԸ ՓԱՐԻԶԷՆ ԴԻՏՈՒԱԾ

 

 II. ԲՐՏՈՒԹԵԱՆ ՏՐԱՄԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

 

 

 1. ՄԻՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՅԱՌԱՋԴԻՄՈՒԹԻՒՆ ԿՈՄԻՏԷԻ ՄԱԳԼՑՈՒՄԸ ԴԷՊԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ


ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ- ԹՈՒՐՔԵՐՈՒ ԳԱՂԱՓԱՐԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԱԶԴԵՑՈՒԹԵԱՆ ՈԼՈՐՏԸ

Mehmed Talât, Ismail Enver et Halil Bey, membres éminents du CUP Մէհմէտ Թալաաթ, Իսմայիլ Էնվէր, Հալիլ պէյ՝ երեւելի անդամներ Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կոմիտէի (լուսանկար, հրատարակուած Alfred Nossig, Die Neue Türkei und ihre Führer, Halle : O. Hendel, անթուակիր [1916], էջ 8)

Le palais de Dolmabahçe, centre du pouvoir du Comité Union et Progrès Տոլմապահչէի ապարանքը, աթոռանիստ Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կոմիտէի (Միշէլ Փապուճեանի հաւաքածոյ)1908-էն մինչեւ1918, օսմանեան Կայսրութիւնը գրեթէ անընդմէջ ղեկավարուեցաւ Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կոմիտէի կողմէ։ Կուսակցութիւն մը, որուն սանձը կը կառավարէր 9 հոգիէ բաղկացած կեդրոնական կոմիտէ մը, կատարելապէս գաղտնապահ մեթոտներով։    

Իշխանութեան գլուխ անցնելով, տիրապետող մահմետական եւ տիրապետուող ոչ մահմետական (քրիստոնեայ եւ հրեայ) դասակարգերու միջեւ գոյանալիք հաւասարութեան յոյսեր ներշնչած էին անոնք։ Հակառակ այս տպաւորութեան, Իթթիհատական պարագլուխները տոգորուած էին Եւրոպայէն ներշնչուած ընկերային տարուինիստական գաղափարախօսութեամբ։ Իրենց հիմնական առաքելութիւնը կը համարէին թուրք ցեղի վերստեղծումն ու նախնիներու առաքինութիւններու վերարժեւորումը։

Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կոմիտէն մեծաւ մասամբ կը բաղկանար սպաներէ եւ Պալքանեան ու Կովկասեան ծագում ունեցող անդամներէ։ Ան զարգացուց տեղական ակումբներու ցանց մը, ուր բանակային եւ վարչական պաշտօնեաները հետզհետէ փոխարինեց իր կուսակցական հետեւորդներով։ Զուգահեռաբար, սերտ յարաբերութիւններ մշակեց գաւառներու տեղական երեւելիներու, կրօնապետներու եւ ցեղապետներու հետ։

Իր ազդեցութեան ընդլայնման նպաստող այս ճիւղաւորումները յետագային՝ ցեղասպանութեան կիրարկման ընթացքին հանդէս եկան իբրեւ գործադրութեան ահարկու լծակներ։

.

 

 

 

 

 

 

ՊԱԼՔԱՆԵԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄՆԵՐԸ ԵՒ ՆԵՐՔԻՆ ՏԱԳՆԱՊ


1908-ի Երիտ- թուրքերու յեղափոխութեան եւ 25 Յունուար 1913-ի պետական հարուածի միջեւ ինկած ժամանակամիջոցին արձանագրուեցան ներքին եւ արտաքին տագնապներ, որոնք ծայրայեղ դիրքորոշումներու առաջնորդեցին կուսակցութեան ղեկավարները։ 1913-ի պետական հարուածով հաստատուեցաւ միակուսակցական վարչաձեւ, որ Իթթիհատականներուն շնորհեց անարգել աշխատելաձեւ։

1912-ի եւ 1913-ի համապալքանեան պատերազմը աւարտեցաւ օսմանեան զօրքին նուաստացուցիչ պարտութեամբ։ Կայսրութիւնը զրկուեցաւ իր եւրոպական գրեթէ բոլոր հողատարածքներէն։ Կորուստներու իբրեւ արձագանք՝ Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կոմիտէի ամենածայրայեղ անդամները անցան իշխանութեան գլուխ։

 

 

 Le docteur Mehmed Nâzım (1870-1926), membre du comité central unionisteՄէհմէտ Նազըմ, բժիշկ,           (1870-1926),                          Իթթիհատական կեդրոնական կոմիտէի անդամ։

Ցեղասպանութեան ընթացքին եղաւ Թաշքիլաթ էլ Մահսուսա յատուկ կազմակերպութեան պարագլուխներէն մէկը (Վենետիկի Մխիթարեան հայրերու հաւաքածոյ)

 Mehmed Talât (1874-1921), chef du comité central unioniste, ministre de l’IntérieurՄէհմէտ Թալաաթ (1874-1921), Իթթիհատական կեդրոնական կոմիտէի անդամ, ներքին գործոց նախարար, կառավարական եւ կուսակցական հեղինակութիւն, իր շնորհիւ է որ կեդրոնական կոմիտէի կշիռքին վրայ արմատականներու ծանրութիւնը գերակշիռ դարձաւ։ (Նուպարեան մատենադ. հաւաքածոյ)

 

 Ismail Enver (1881-1922), membre du comité central unioniste, ministre de la Guerre Իսմայիլ Էնվէր (1881-1922), Իթթիհատական կեդրոնական կոմիտէի անդամ, պատերազմական նախարար (Նուպարեան մատենադ. հաւաքածոյ)  Ahmed Cemal [Djemal] (1872-1922), membre du comité central unioniste, ministre de la MarineԱհմէտ Ճեմալ (1872-1922),(Իթթիհատական կեդրոնական կոմիտէի անդամ, Ծովուժի նախարար, օսմանեան չորրորդ զօրագունդի հրամանատար Սուրիոյ, Միջագետքի եւ Պաղեստինի ճակատներուն վրայ։ (Նուպարեան մատենադ. հաւաքածոյ)

 

 

 2. ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒ ԾՐԱԳԻՐԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ. ՀԱՄԱԿԵՑՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ԱՌԻԹ

 ԿՈՂՈՊՈՒՏ ԵՒ ՅԱՐԱՏԵՒ ԱՆԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆ


La cathédrale d'EtchmiadzineԷջմիածնի մայր տաճարը 20-րդ դարու սկիզբին (Նուպարեան մատենադ. հաւաքածոյ)

Երիտ-թուրքերուն իշխանութեան գլուխ գալը նկատուած էր իբրեւ կարեւոր յառաջաքայլ, առիթ մը՝ բարենորոգումներու միջոցով կայսրութեան արեւելեան նահանգներու մէջ ապահովելու հայ բնակչութեան անվտանգութիւնը։ Չորս տարուան ի զուր փորձերէ ետք, մինչ անապահովութեան եւ թշուառութեան պատճառաւ տակաւ կը պարպուէին արեւելեան նահանգները, Հոկտեմբեր 1912-ին, հայ ղեկավարութիւնը որոշեց միջազգայնացնել բարենորոգումներու խնդիրը։ Ուստի, Էջմիածնի Կաթողիկոսութիւնը, Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը, քաղաքական կուսակցութիւններն ու կարգ մը երեւելի անձնաւորութիւններ ձեռնամուխ եղան բանակցութիւններ վարելու։

 

 

 

ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒ ԾՐԱԳԻՐԸ

Le baron Hans Von Wangenheim, ambassadeur d’Allemagne à ConstantinopleՀանս Վոն Վանկընհայմ, պարոն, Կոստանդնուպոլսոյ մէջ Գերմանիոյ դեսպան, Հայաստանի բարեկարգումներու ծրագրի բանակցող (The World’s Work, vol. 36’ 1918)

25 Դեկտեմբեր 1913-ին, ռուսերն ու գերմանացիները բարենորոգումներու միասնական ծրագիր մը ներկայացուցին օսմանեան կառավարութեան։ Սոյն ծրագիրը կը նախատեսէր հետեւեալ իրագործումները.

-ՙհայկական՚ կոչուած վեց նահանգներու միաւորումը,

-անոր վրայ քրիստոնեայ (օսմանցի կամ եւրոպացի) կառավարիչի մը նշանակումը,

-կազմութիւնը վարչական խորհուրդի մը

-կազմութիւնը նահանգային խառն խորհրդաժողովի մը՝ բաղկացած մահմետականներէ եւ քրիստոնեաներէ,

- խառն ոստիկանութեան մը ստեղծումը,

- Ապտուլ Համիտ Բ.ի կողմէ կեանքի կոչուած Համիտիյէ զօրագունդերու ցրումը, որոնք տակաւին գոյութիւն ունէին։

-ստեղծումը յանձնախումբի մը, որ քննէր վերջին տասնամեակներու հողային գրաւումներու խնդիրը, եւլ.։

21 Փետրուար 1914-ին, Բարձրագոյն Դուռը վերջապէս ընդունեց այս համաձայնագիրը, առանց կարենալ ջնջել տալու հայկական գաւառներու բարենորոգումներուն արեւմտեան հսկողութեան վերաբերող յօդուածը։  

Նշանակուեցան նորվեկիացի եւ հոլանտացի երկու ընդհանուր քննիչներ, որոնք, սակայն, Համ. Ա. Պատերազմի սկսելուն պատճառով իրենց պաշտօնին գլուխը գործնականապէս անցնելու կարելիութիւնը եւ ժամանակը չունեցան։

 

 

 

3. ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՄՈՒՏՔ ԵՒ ՀԱՅԵՐՈՒ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԻԹԹԻՀԱՏԱԿԱՆ ՊԱՐԱԳԼՈՒԽՆԵՐՈՒ ԾԱՅՐԱՅԵՂԱԿԱՆԱՑՈՂ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄ

 (ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1914 – ՄԱՐՏ 1915)

Soldats ottomans mobilisés à la gare ferroviaire d’IstanbulՕսմանցի զինուորներ զօրաշարժի ենթարկուած Կոստանդնուպոլսոյ երթուղային կայարանը, 1 Օգոստոս 1914 (լուսանկար՝ Վիքթոր Ֆօրպէնի, Անգլիոյ Արտաքին գործոց դիւան, Քիու)

Ինչպէս էր պարագան 20-րդ դարու միւս ցեղասպանութիւններուն, այնպէս ալ հայոց բնաջնջումի ծրագրուած քաղաքականութեան գործադրութեան մէջ պատերազմը էական գործօն էր։ Թէեւ օսմանեան Կայսրութիւնը միայն Հոկտեմբեր 1914-ին պատերազմի մէջ ընդգրկուեցաւ Կեդրոնական Ուժերու կողքին, սակայն ընդհանուր զօրաշարժ յայտարարած էր արդէն Օգոստոսին։ Զօրաշարժը կը վերաբերէր նաեւ հայերուն, 20-էն 40 տարեկան տղամարդոց, որոնք կազմելով հայ համայնքին ՙկենսունակ ուժ՚ը՝ այսպիսով չէզոքացուեցան։ Պատերազմական համածիրին մէջ, երբ մեծ պետութիւններուն ուշադրութիւնը ամբողջովին կլանուած էր պատերազմով, Իթթիհատական պարալուխներուն համար ստեղծուեցան նպաստաւոր պայմաններ, արագացնելու համար Փոքր Ասիոյ մէջ ազգային միատարրութեան իրենց ծրագրի իրականացումը, վերացնելով կայսրութեան հայ եւ ասորի համայնքները։

 

Parade à l’occasion de l’entrée en guerre de l’Empire ottomanՕսմանեան կայսրութեան պատերազմի մուտքին առթիւ զօրահանդէս, Կոստանդնուպոլիս, Նոյեմբեր 1914 (Նուպարեան մատենադ. հաւաքածոյ)1914-ի Դեկտեմբերի վերջին Սարիղամիշի մէջ օսմանեան բանակի ջախջախիչ պարտութիւնը համոզեց Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կոմիտէի կեդրոնական մարմինը (Մէհմէտ Թալաաթ, Միտհատ Շիւքրիւ, տօքթ. Նազըմ, Քարա Քեմալ, Եուսուֆ Րըզա, Զիա Կէօքալփ, Էյուպ Սապրի [Աքկէօլ], տօքթ. Ռիւսուհի, տօքթ. Պէհաէտտին Շաքիր եւ Հալիլ [Մէնթէշէ]), որ այս ձախողութեան իբրեւ հատուցում որդեգրուի հայերու նկատմամբ ներքին արմատական քաղաքականութիւն մը։

 

 

 

 

ԶԱՆԳՈՒԱԾԱՅԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ԲՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿՈՎԿԱՍԻ ՃԱԿԱՏԻՆ ՎՐԱՅ

(Դեկտեմբեր 1914- Փետրուար 1915)


La carte des premières violences de masse sur le front du caucase (décembre 1914 - février 1915)Կովկասեան ճակատի վրայ, օսմանեան յարձակումներուն առընթեր, ռազմական գործողութիւններու պատրուակի տակ տեղի կ’ունենային տեղային ջարդեր։ Այսպէս, Արտուինի շրջանին մէջ եւ պարսկա-օսմանական սահմանին գտնուող քսանեակ մը հայկական գիւղեր ջարդուեցան։ Նոյնը եղաւ պարսկական Ատրպէյճանի (Ատրպատական) պարագային, ուր օսմանեան զօրաբաժինը քրտական ցեղապետերու զօրակցութեամբ բնաջնջեց Խոյի, Սալմաստի եւ Ուրմիոյ դաշտերու հայ գիւղացիութիւնը։