ՆԱԽԱԲԱՆ ՆԵՐԱԾԱԿԱՆ I. ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՆԱԽԱԴՐԵԱԼԸ II. ԲՐՏՈՒԹԵԱՆ ՏՐԱՄԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ III. ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ IV. ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՎԱՂՈՐԴԱՅՆ ՀԱՇՈՒԵԿՇԻՌ V. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿՈՏՈՐԱԾՆԵՐԸ ՓԱՐԻԶԷՆ ԴԻՏՈՒԱԾ

 

 

 I. ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՆԱԽԱԴՐԵԱԼԸ

 

 

 

 

 1. ՊԱՊԵՆԱԿԱՆ ՀՈՂԱՏԱՐԱԾՔՆԵՐՈՒ ԱՌՕՐԵԱՆ

Vilayets orientaux avec legendes20-րդ դարու սեմին, օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերը կը բնակէին գլխաւորաբար իրենց պապենական հողատարածքներուն վրայ, կայսրութեան արեւելեան նահանգներուն (վիլայէթ)՝ Սեբաստիա (Սվազ), Էրզրում (Կարին), Վան, Տիարպէքիր, Պիթլիս, Խարբերդ, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ եւ Անատոլուի գլխաւոր քաղաքներու մէջ Հայերու մեծամասնութիւնը կ’ապրէր գիւղական միջավայրի մէջ հայրիշխանական աւանդական կենցաղով, որուն ակնառու յայտկանիշներէն մէկը բարդ համակեցութիւնն էր քիւրտ ցեղախումբերու հետ, որոնք կիսաթափառաշրջիկ կամ հազիւ նստակեաց կեանք կը վարէին։

Միւս կողմէ, գաւառներու մայրաքաղաքներուն մէջ կեդրոնացած էր հայ զարգացած եւ արդիականութեան սեմին դասակարգ մը։

Այս կենսունակ բնակչութիւնն է, որ պիտի ենթարկուէր զանգուածային ջարդերու, որուն ինչքը աստիճանաբար պիտի կողոպտուէր, պիտի դառնար գաղթական, ու վերջիվերջոյ պիտի բնաջնջուէր արմատապէս 1915-ին։

 

 

 

 

2. ՊԵՏԱԿԱՆ ԵՒ ՑԵՂԱԽՄԲԱՅԻՆ ԲՐՏՈՒԹԻՒՆ. 1894-1896-Ի ՋԱՐԴԵՐԸ

I.2 1 result

Սուլթան Ապտուլ Համիտ Բ.ի (1876-1909) քաղաքականութեան մէջ շրջադարձ մը եղաւ1891-ը, երբ ան կազմեց քիւրտերէ բաղկացած անկանոն գունդեր, որոնք կոչուեցան Համիտիյէ. առեւանգումը, կողոպուտն ու աւարառութիւնը հայկական գաւառները վերածեցին անապահով վայրերու։ Սակայն զանգուածային առաջին բրտութիւննները սկսան 1894-ի ամրան, Սասնոյ հայկական շրջանին մէջ։ Այս ջարդերը, թէեւ իշխանութիւններու կողմէն ներկայացուեցան իբրեւ հետեւանք հայերու ՙապստամբութեան՚, բայց եւ այնպէս մղեցին եւրոպական պետութիւնները Սուլթանէն բարենորոգումներ պահանջելու կայսրութեան արեւելեան վեց նահանգներուն մէջ։ 1895-ի Հոկտեմբերին, բարեկամեցողութիւն ցուցադրելու նպատակով Ապտուլ Համիտ Բ. ստորագրեց հրամանագիր մը, որմով պիտի վերակազմակերպուէր տեղական վարչութիւնը՝ իբրեւ երաշխիք ինչքի եւ անձի ապահովութեան։ Բայց իրական գետնի վրայ, ան արտօնեց եւ նոյնիսկ խրախուսեց աւելի լայն տարողութեամբ կոտորածներ, որոնք հետեւեցան առաջինին եւ տարածուեցան ամբողջ երկրով մէկ։

Կոտորածներու այս ալիքը սկիզբ առաւ Տրապիզոնէն 26 Սեպտեմբեր 1895-ին, ու նոյն ձեւով տարածուելով այլ գաւառներու մէջ, տեւեց մինչեւ Դեկտեմբեր ։

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան գնահատումով մարդկային, ընկերային եւ տնտեսական այս աղէտին հետեւանքը եղած է 200,000 մեռեալ, բազմաթիւ կողոպուտներ եւ աւերներ։

 

 

 

3. ԱՊՐԻԼ 1909. ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՋԱՐԴԸ. ՆԱԽԱՀԱՆԴԷՍԻ ՄԸ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈ՞ՐՁ


 

carte vilayets d'Adana et alep31 Մարտ 1909-էն սկսեալ, Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կոմիտէի (Իթթիհատական) իշխանութեան գլուխ անցնելէն եւ օսմանեան Սահմանադրութեան հաստատումէն դեռ տարի մը չանցած, անոր պարագլուխները դէմ հանդիման գտնուեցան Սուլթանի իշխանութեան վերականգնումին ի նպաստ ՙհակազդեցութեան՚ մը։ Այս շարժումը կը համախմբէր Պոլսոյ պահակագունդի զինուորներ, սպաներ եւ կրօնաւոր պահպանողականներ։ Իթթիհատականները կարողացան հակազդեցութեան այս փորձը իր սաղմնային վիճակին մէջ իսկ խեղդել։ Առիթը լաւագոյնս օգտագործեցին վերացնելու Կոստանդնուպոլսոյ ազատական ընդդիմադրութիւնը։

 

 

Les fondateurs de la fédération révolutionnaire arménienne ou parti "tashnag"

Գրեթէ միաժամանակ, 1909-ի Ապրիլ ամսուան ընթացքին, կոտորածներու զոհ գնաց Ատանայի եւ Կիլիկիոյ հայութիւնը։ Մինչ Երիտ- թուրք կուսակցութեան պարագլուխները պատասխանատւութիւնը բարձեցին ընդդիմադիրներու ուսերուն, կատարուած վայրագութիւններու աննախընթաց ուժգնութիւնը ենթադրել տուաւ, որ Իթթիհատական տեղական ղեկավարներն ու անոր կեդրոնական իշխանութիւնն ալ ներգրաւուած էին կատարուածին մէջ։

Ատանայի ջարդերը հիմնովին սասանեցին այն յոյսերը, զորս հայ հաւաքականութեան մէկ մասը կապած էր 1908-ի օսմանեան Սահմանադրութեան վերահաստատումին, նոյնիսկ (ինչպէս է պարագան Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան) Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութեան քաղաքական սկզբնական ծրագրին։

 

 

ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿՈՏՈՐԱԾԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ՓՈՒԼԸ. 14-16 ԱՊՐԻԼ 1909


Constantinople, 24 avril 1909 : arrivée du général Mahmud Şevket, qui écrase les insurgés (coll. Service historique de l’armée de terre).Կոստանդնուպոլիս, 24 Ապրիլ 1909, ժամանում զօրավար Մահմուտ Շէվքէթի, որ կը ջախջախէ ըմբոստները (ցամաքային զօրամասի պատմական ծառայութեան հաւաքածոյ)Բրտութեան հրդեհը որ Ապրիլ 14-էն սկսեալ բռնկեց ամբողջ Կիլիկիան, ինքնաբուխ շարժում մը չէր, ամենեւի՜ն։ Անհիմն տարաձայնութիւններ շրջան ըրին, մեղադրելով հայերը մահմետականներու սպանութեան մէջ։ Անոնց տարածումը քաջալերուեցաւ կրօնականներու եւ տեղական պաշտօնեաներու կողմէ եւ նեցուկը վայելեց թուրք երեւելիներու ու ոստիկանութեան։ Առաջին օրը, Ապրիլ 14, խռովարարները շուկայ իջնելով քանդեցին հայոց խանութները, կոտորեցին Ատանայի դաշտավայրի եւ ագարակներու մէջ եղանակային պայմաններով աշխատող հայ բանուորները։ Սակայն, Ատանայի հայկական թաղամասերու մէջ կազմակերպուած ինքնապաշտպանութիւնը կանխեց յաւելեալ արիւնահեղութիւնը։

 

 

 

 


 

 

 

ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿՈՏՈՐԱԾԻՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ՓՈՒԼԸ. 25-27 ԱՊՐԻԼ 1909



I.3 8 resultԱտանայի կոտորածներէն ետք հայկական թաղամասի աւերակներու մաքրութիւն, Մայիս 1909 (Սէն Կրէկուարի հաւաքածոյ, Պէյրութ)

Առաջին բրտութիւններէն ետք, կարգուկանոն հաստատելու նպատակով կառավարական իշխանութիւնները զօրագունդեր ուղարկեցին Կիլիկիա։ Ատանայի մէջ Անգլիոյ հիւպատոսին պնդումներուն ընդառաջելով, հայեր ընդունեցին յանձնել զէնքերը եւ մտնել զինուորական պաշտպանութեան տակ։ Այս նոյն զօրագունդերը, սակայն, շուտով յարձակումի անցան հայկական այլեւս անպաշտպան թաղամասերու վրայ եւ երեք օր անդադար կոտորեցին բնակչութիւնը։ Չխնայուեցան նոյնիսկ օտար միսիոնարներու մօտ ապաստանած հայեր։