ՆԱԽԱԲԱՆ ՆԵՐԱԾԱԿԱՆ I. ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՆԱԽԱԴՐԵԱԼԸ  II. ԲՐՏՈՒԹԵԱՆ ՏՐԱՄԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ III. ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ IV. ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՎԱՂՈՐԴԱՅՆ ՀԱՇՈՒԵԿՇԻՌ V. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿՈՏՈՐԱԾՆԵՐԸ ՓԱՐԻԶԷՆ ԴԻՏՈՒԱԾ

 

 

 III. ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ

 

 


Hamidiye DiyarbekirՏիարպէքիրի Համիտիէյի զօրագունդը՝ միաձուլուած Թէշքիլաթ-ի- Մահսուսա յատուկ կազմակերպութեան. առաքելութեան մէկնումին նախորդող արարողութիւն (Նուպարեան մատենադ. հաւաքածոյ)

 

 

 


1. ԲՆԱՋՆՋՄԱՆ ԳՈՐԾԻՔՆԵՐԸ


Հայերը բնաջնջելու որոշումը կայացաւ 1915 թուականին Մարտի 20-էն 25-ի միջեւ, Իթթիհատականներու կեդրոնական կոմիտէի կողմէ։ Ժողովները գումարուեցան Թէշքիլաթ-ի-Մահսուսա կոչուած յատուկ կազմակերպութեան նախագահ տօքթ. Պէհաէտտին Շաքիրի Էրզրումէն վերադարձին։

Բնաջնջումի ծրագրին գործադրութիւնը վստահուեցաւ այս զինուորական անկանոն խմբակին, որ կը ղեկավարուէր քաղաքական գրասենեակի մը կողմէ, որուն անդամները իթթիհատականներու կեդրոնական կոմիտէի ինն անդամներէն չորսն էին. Եուսուֆ Րըզա պէյ եւ բժիշկներ Պէհաէտտին Շաքիր եւ Մէհմէտ Նազըմ, Աթիֆ պէյ։

Վերոնշեալ յատուկ կազմակերպութեան կեդրոնը կը գտնուէր Պոլիս, Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն Կոմէտէի նստավայրը։ Կազմակերպութիւնը Պատերազմական նախարարութեան մօտ ունէր իր ներկայացուցիչը՝ Քուշչուպաշըզատէ Էշրէֆ (Սէնճէր), որ կ’ապահովէր Կազմակերպութեան ուժերու մարզումը, զինումը եւ գանձատրումը։ Անոր ղեկավար դասը կ’ընտրուէր կուսակցական սպաներէ, իսկ գործադիր դասը՝ Արդարութեան նախարարութեան կողմէ ազատ արձակուած ոճրագործներէ, չէրքէզ եւ քիւրտ ցեղախումբերէ։ Կազմուած գումարտակները կը գործէին որոշեալ կայքերու մէջ, յարձակելով անկէ անցնող տեղահանուած հայերու կարաւաններու վրայ։


 

ԻԹԹԻՀԱՏԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐՆԵՐՈՒ ԴԵՐԸ


Պարտականութիւններու բաժանումը հետեւեալ պատկերը կը ներկայացնէ.

Տեղահանութիւններու ծրագրաւորումը կ’ապահովուէր գաղթականներու եւ ցեղախումբերու տեղաւորման Տնօրէնութեան (Iskân-ı Aşâyirîn ve Muhâcirîn Müdüriyeti կամ IAMM) կողմէ, զոր կը գլխաւորէր Միւֆթիզատէ Շիւքրիւ Քայա, որ լիազօրուած էր Հալէպի մէջ 1915-ի Օգոստոսի վերջին տարագրեալներու ենթատնօրինութիւն մը հաստատելու։

Ոստիկանութիւնը ստանձնած էր տարագրուողներու ցանկագրումը։

Քաղաքապահ ոստիկանութիւնը կ’ապահովէր կարաւաններու հսկողութիւնը։

Գանձատան սպասարկութիւնը կը զբաղէր ՙլքեալ ինչքեր՚ու հաւաքման ու բաշխման գործով։

Այս գործողութիւնները համակարգողներն էին գաւառներու մէջ՝ կուսակցութեան կողմէ նշանակուած պատասխանատու քարտուղարները ։

 

ԲԱՆԱԿԻՆ ԴԵՐԸ ԶԱՆԳՈՒԱԾԱՅԻՆ ԲՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ



Երրորդ բանակը, որուն յանձնուած էր արեւելեան նահանգներու հսկողութիւնը, ուղղակիօրէն ներգրաւուած է բնակչութեան դէմ կատարուած զեղծումներուն մէջ, Դեկտեմբեր 1914-էն Փետրուար 1915, թէ՜ կովկասեան ճակատի վրայ, թէ՜ Վանի եւ Պիթլիսի նահանգներուն մէջ։ Անոր կը համագործակցէին Թէշքիլաթ-ի- Մահսուսա յատուկ կազմակերպութեան գումարտակները։

 

 

 

 

2. ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՓՈՒԼԸ (ԱՊՐԻԼ- ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 1915)


ՉԱՓԱՀԱՍ ԱՅՐԵՐՈՒ ԵՒ ԵՐՐՈՐԴ ԲԱՆԱԿԻ ՆՈՐԱԿՈՉՆԵՐՈՒ ԲՆԱՋՆՋՈՒՄԸ


Convoi d’hommes adultes arméniens emmenés sous escorte depuis le konak ou siège du gouverneur du gouverneur (vali) de Mezre, pour une destination inconnue (coll. Pères mekhitaristes de Venise).Հայ տղամարդոց կառախումբ, հսկողութեան տակ  Մէզրէէն կը ժամանէն կառավարչութեան նստավայր, կը մեկնին անյայտ ուղղութեամբ (Վենետիկի Մխիթարեան հայրերու հաւաքածոյ)

Նախարար Էնվէրի՝ 28 Փետրուար 1915-ի տուած հրամանով, Երրորդ բանակի մէջ ծառայող տասնեակ հազարաւոր նորակոչիկ հայեր զինաթափուելով փոխադրուեցան բանուորական գումարտակներ (amele taburiler), կամ սպաննուեցան։

Իսկ Մայիս 1915-ին իշխանութիւնները՝ արգելափակելէ ետք մահուան դատապարտեցին 16-էն 60 տարեկան այր մարդիկը. հայ խիտ բնակչութիւն ունեցող շրջաններու մէջ նախընտրուեցաւ զօրակոչել նաեւ 16-էն 19 եւ 41-էն 60 տարեկան այրերը, որոնց զինուորագրութիւնը մինչ այդ խնայուած էր։ Անոնք գիւղերէ եւ քաղաքներէ հեռու՝ ամայի վայրեր հեռացուելով սպաննուեցան ։

 
 

ՀԱՅ ԸՆՏՐԱՆԻԻ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ


Circulaire adressée par le ministère de l’Intérieur, Direction générale de la police nationale, au commandant en chef de l’armée ottomane et à d’autres institutions

24 Ապրիլ 1915-ին, ներքին գործոց նախարար Թալաաթի հրամանով իշխանութիւնները անցան հայ ընտրանիի ձերբակալութեան, ինչպէս Կոստանդնուպոլսոյ, այնպէս ալ գաւառներու մէջ։

Անոնցմէ ոմանք սպաննուեցան տեղւոյն վրայ, ուրիշներ ճամբայ դրուեցան դէպի Չանղըրը (Քասթամունիի մօտ) եւ Այաշ (Անգարայի մօտ), ուր արգելափակուելէ ետք՝ սպաննուեցան։

Համաշխարհային Ա. Պատերազմի աւարտին, 24 Ապրիլը (11 Ապրիլ՝ Յուլիական կամ հին տոմարով, որ այդ ատեն կը գործածուէր օսմանահայերու կողմէ), ընդունուեցաւ իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակումի օր։

 

 

Circulaire adressée par le ministère de l’Intérieur, Direction générale de la police nationale, au commandant en chef de l’armée ottomane et à d’autres institutions, ordonnant notamment « l’arrestation des chefs et des membres des comités [...] bien connus des forces de police », datée du 24 avril 1915 et signée par le ministre de l’Intérieur, Mehmed Talât.

 

 

 ԶԷՅԹՈՒՆԻ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՎԱՆԻ ԻՆՔՆԱՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ


Le nid d’aigle de Zeytoun Զէյթունի (Սուլէյմանի) Արծուաբոյնը, որուն բնակիչները յայտնի են կեդրոնական իշխանութեան դէմ իրենց ըմբոստ հոգիով։ Իթթիհատականներու առաջին նշանակէտը։ Տեղահանուեցան Ապրիլ 1915-ին (Վենետիկի Մխիթարեան հայրերու հաւաքածոյ

1915 թուականի Մարտի վերջէն արդէն նկատելի էին ցեղասպանական ծրագրի մը առաջին նշանները, երբ Զէյթունի (այսօր՝ Սուլէյմանի) եւ Տէօրթ Եօլի (Չորք Մարզպան) հայ բնակչութիւնը տեղահանուեցաւ։

Ապրիլ 18-ին եւ 19-ին, Վան քաղաքի շրջակայքէն մօտ 15 000 գիւղացիներ պատսպարուելու համար քաղաք փութացին, փախչելով Թէշքիլաթ-ի- Մահսուսա յատուկ կազմակերպութեան գործադրած կոտորածներէն։ Իսկ երկու օր առաջ, երկու հայ ղեկավար անձնաւորութիւններ սպաննուած էին Ճէվտէթ վալիի հրամանով։

Ապրիլ 20-ի առաւօտեան, Վան քաղաքի հայերը ամրացան երկու թաղամասերու մէջ։ Մօտ մէկ ամիս դիմադրեցին թրքական բանակին, մինչեւ որ Կովկասի ռուսական բանակը քաղաքին մօտեցաւ։

Պոլսոյ մէջ, սոյն դէպքին տրուեցաւ հայկական ապստամբութեան բնոյթ եւ ծառայեց իբրեւ արդարացում տեղահանութիւնները սկսելու։

Նոյն թուականի Մայիսին ռուսական բանակը իր հակակշռին տակ առաւ քաղաքը, ու հաստատեց առկայութիւնը 55 000 դիակի, որ նահանգի բնակչութեան կէսէն աւելին կը ներկայացնէր։

 

 

                                                                                            

ՎԱՆ ՆԱՀԱՆԳԻ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՓԱԽՈՒՍՏ ԴԷՊԻ ԿՈՎԿԱՍ


Convoi d’Arméniens fuyant vers le CaucaseՀայերու կարաւան. փախուստ դէպի Կովկաս. Լուսանկարուած՝ Քզըլքիլիսէյէն մի քանի քիլոմեթր հեռու (Նուպարեան մատենադ.ի հաւաքածոյ)1915-ի Յուլիս ամսու վերջաւորութեան, երբ ռուսական բանակը Կովկասեան ճակատէն յառաջանալով Պիթլիսի կը մօտենար, Սանկ Փեթերսպուրկէն նահանջի հրահանգ եկաւ։ Վանի, Շատախի, Խիզանի հայերը՝ իրենց ազգակիցներու ճակատագրին չարժանանալու համար դէպի Կովկաս գաղթի ճամբան բռնեցին։

 

 

 

 

 

 

ԿԱՆԱՆՑ, ԱՆՉԱՓԱՀԱՍՆԵՐՈՒ ԵՒ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԹԻՒՆԸ


Տեղահանութեան գործողութիւններու քննութիւնը կ’ապացուցանէ, որ հայոց պատմական հողերուն, այսինքն Կայսրութեան արեւելեան վեց նահանգներու բնակչութեան բնաջնջումը առաջնակարգ խնդիր էր Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կոմիտէի համար։ Կանանց, անչափահասներու եւ տարեցներու տեղահանութեան նախորդած էր արու սեռի պատկանող անձերու բնաջնջումը, քանի որ իրենց ֆիզիքական ունակութեան պատճառաւ կը համարուէին ի բնէ վտանգաւոր։

Գալով գաղթի երեւոյթին, ի գործ դրուած եղանակն ու միջոցները ցոյց կու տան, որ Մայիսին եւ Յունիսին արեւելեան նահանգներէն ճամբայ դրուած կարաւանները կանոնաւորաբար կոտորուած էին ճամբու ընթացքին։ Միայն, փոքրամասնութիւն մը կարողացած էր հասնիլ ՙվերաբնակեցման վայրեր՚։

Տարբեր եղաւ պարագան Անատոլիոյ եւ Թրակիայի հայութեան։ Յուլիսէն Սեպտեմբեր ամիսներու ընթացքին, յաճախ գնացքով, ընտանիքներով հանդերձ ուղարկուեցան դէպի Սուրիա։ Անոնք գոնէ հասան Կիլիկիա։

 

 

 

ՏԱՐԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԿՈՏՈՐԱԾՆԵՐՈՒ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ  ՔԱՐՏԷՍ

 

 

 

 

ԹԷՇՔԻԼԱԹ-Ի-ՄԱՀՍՈՒՍԱՅԻ ՍՊԱՆԴԱՆՈՑ-ԿԱՅԱՆՆԵՐԸ


Սպանդանոց-կայան եզրը գործածուած է պատմաբան Ռէմոն Գէորգեանի կողմէ (Հայերու Ցեղասպանութիւնը, 2006) մատնանշելու համար գլխաւոր վայրերը ջարդերուն, որոնք ի գործ դրուեցան Թէշքիլաթ-ի- Մահսուսայի կողմէ, տարագրութեան ճամբուն վրայ։ Սպանդանոց-կայան արտայայտութիւնը յղում կը կատարէ ցեղասպանութեան ժամանակակից կարգ մը վկաներու բանաձեւին, զոր կը գտնենք, օրինակ, Խարբերդի (Հարբութ, այսօր՝ Էլազիկ) մէջ ՄիացեալՆահանգներու հիւպատոս Լէսլի Տէյվիսի ՙսպանդանոց նահանգ՚ի մասին տեղեկագրին մէջ (Slaughterhouse Province: An American Diplomat’s Report on the Armenian Genocide, 1915-1917

Բազմաթիւ սպանդանոց-կայաններու երկու կարեւորագոյնները կը գտնուէին կիրճերու մէջ, որոնք կարաւաններու անշրջանցելի անցքերն էին։ Մէկը՝ Քեմահի կայանն էր, Էրզինճանի (Երզնկա) հարաւ-արեւմուտքը, վերին Եփրատի ափին, ուր Մայիս-Յունիս 1915-ին տասնեակ հազարաւոր մարդիկ բնաջնջուեցան Թէշքիլաթ-ի- Մահսուսայի ղեկավար տօքթ. Պէհաէտտին Շաքիրի անմիջական հսկողութեան տակ։ Միւսը՝ Քահթայի կայանն էր, Մալաթիայի հարաւային լեռներուն մէջ. անկէ անցած են 500 000 տարագիրներ։

 

 

 

  ՏԱՐԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՔԱՐՏԷՍՆԵՐ

 Carte 02 8 Carte 03 7 Carte 04 5 Carte 05 10 Carte 06 4 Carte 07 3 Carte 08 6 Carte 09 2 Carte 10 1 Carte 11 11 Carte 12 12 Carte 13 13

 

3. ՀԱՅԵՐՈՒ ԻՆՉՔԵՐՈՒ ՅԱՓՇՏԱԿՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԱՇՈՒԵՅԱՐԴԱՐ

Kara KemalՔարա Քեմալ (1866-1928).

Ծրագիրը մկրտուած էր ՙազգային տնտեսութիւն՚(Millȋ Iktisat)։ Կը կազմէր հայոց ցեղասպանութեան տնտեսական կողմը, կը միտէր զայն արդարացնելու, բայց մանաւանդ՝ պետական վերնախաւէն սկսեալ մինչեւ պարզ կիրարկողները խթանելու անոր գործադրութեան։ Ծրագիրը ծառայեց մանաւանդ յօգուտ Իթթիհատական ընտրանիին, կուսակցութիւն - պետութեան, որ կազմուած էր Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կոմիտէի անդամներէն, ինչպէս նաեւ անոր հետեւորդներուն։ Նշեալ ծրագրին նպատակը ի՞նչ էր։

Պաշտօնապէս կազմել թուրք գործատէրերու խաւ մը, անոր փոխանցելու հայոց կալուածները եւ ձեռնարկութիւններու սեփականութիւնը։ ՙԼքուած ինչք՚երու յանձանձումին գործադրումը Երիտ-թուրք վարչաձեւին նաեւ արտօնեց մենասեփականացնելու տարագրեալ ժողովուրդին շարժական եւ անշարժ գոյքը, ինչպէս եւ Վաքըֆ կոչուող կալուածները, որոնք կրօնական հաստատութիւններու անձեռնմխելի սեփականութիւնները կը համարուէին։ Վաքըֆի կալուածներուն շարքին գտնուող բազմաթիւ վանքեր ու եկեղեցիներ, որոնք շօշափելի ապացոյցներն էին այդ հողերուն վրայ հայոց հազարամեայ ներկայութեան, աւերման ենթարկուեցան 1915- 1916 թուականէն սկսեալ։

Appartenant au premier cercle du CUP, nommé ministre du Ravitaillement dans le cabinet Said Halim, il a été chargé de mettre en œuvre le projet de la Millî Iktisat (« économie nationale ») et de gérer les emvali metruke ou commissions des « biens abandonnés » – autrement dit le pillage légalisé des biens arméniens, notamment au profit du CUP.

 

 

 

 

 

4. ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ՓՈՒԼԸ. ՍՈՒՐԻՈՅ ԵՒ ՄԻՋԱԳԵՏՔԻ ՃԱՄԲԱՐՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

(Փետրուար-Դեկտեմբեր 1916)


 Cemal pachaՃեմալ փաշա, Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կոմիտէի երեւելի անդամ, Ծովուժի նախարար, օսմանեան 4-րդ զօրագունդի հրամանատար, այստեղ՝ պէտէվի ցեղապետերու հետ։ Սուրիան կը գտնուէր իր հակակշռին տակ, սակայն ան հեղինակութիւն չունէր համակեդրոնացման ճամբարներու վարչութեան վրայ (Նուպարեան մատենադ. հաւաքածոյ)Քայքայման վերջին փուլը ուղղուած էր Փոքր Ասիայէն, Կիլիկիայէն եւ, նուազ տարողութեամբ, Արեւելեան Անատոլիոյ նահանգներէն տարագրեալներուն։ Այն տեղի ունեցաւ քսանի չափ համակեդրոնացման ճամբարներու շրջանակի մէջ, որոնք Սուրիա եւ հիւսիսային Միջագետք հաստատուեցան Հոկտեմբեր 1915-էն սկսեալ։ Գործողութիւնը կը կառավարուէր ներքին նախարարութենէն կախեալ Գաղթականներու Տեղաւորման Տնօրինութեան (Iskan-ı ve Aşâyirîn Muhâcirîn Müdîriyeti, կամ IAMM) կից՝ Տեղահաններու Ենթատնօրինութեան կողմէ։ Համակեդրոնացման այս ճամբարները ընդունեցին մօտ 700 000 տարագրեալներ։ Անոնցմէ աւելի քան 100 000-ը՝ կիլիկեցիներ, ճամբուեցան դէպի գիւղական մեկուսացած վայրեր, Հալէպէն Կարմիր ծով երկարող ճամբու վրայ։

Մարտ 1916-ին, տակաւին 500 000-ի չափ արգելափակուածներ կը յամառէին գոյատեւել Սուրիոյ եւ Միջագետքի համակեդրոնացման ճամբարներու եւ մի քանի այլ վայրերու մէջ, ուր նետուած էին։ Երիտ-թուրքերու կեդրոնական կոմիտէն զանոնք անհետացնելու վերջին որոշում մը կայացուց։ 1916 թուականի Ապրիլէն Դեկտեմբեր երկարող ժամանակաշրջանին, երկու կայաններ՝ Ռաս-իւլ- Այն եւ Տէր- էլ- Զօր եղան հետեւողական ջարդերու վայր մի քանի հարիւր հազար մարդոց համար։ Անոնք մեծաւ մասամբ կանայք եւ անչափահասներ էին։

2 result

 Camps Alep

 

Réseau des camps de concentration de la vallée de l’Euphrate et des sites-abattoirs de la vallée du Khabour 

 

ԿԵԴՐՈՆԱՑՄԱՆ ՃԱՄԲԱՐՆԵՐՈՒ ՄԷՋ  ՝ԲՆԱԿԱՆ ՄԱՀ ՈՎ՛ (ԱՆՕԹՈՒԹԵՆԷ, ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԷ, ԲՆՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵՐՔԷ) ՄԵՌՆՈՂՆԵՐՈՒ ԹՈՒԱՑՈՒՑԱԿ

 

ՃԱՄԲԱՐԻ ՎԱՅՐ

ԺԱՄԱՆԱԿԱՇՐՋԱՆ

ԶՈՀԵՐՈՒ ԹԻՒ

Մամուրա

Ամառ-աշուն 1915

40 000

Իսլահիյէ

Օգոստոս 1915- Յունուար 1916

60 000

Գարլըք եւ Սեպիլ

Ամառ 1915- աշուն 1916

10 000

Ռաճօ, Գաթմա, Ազազ

Աշուն 1915- գարուն 1916

60 000

Մունպուճ (Մանպիճ)

Աշուն 1915 - Փետրուար 1916

           ?

Պապ եւ Ախթէրիմ

Հոկտեմբեր 1915- գարուն 1916

50 000

Արապբունար

Հոկտեմբերի սկիզբ-Նոյեմբերի կէս 1915

4 000

Ռաս-իւլ-Այն

Հոկտեմբեր 1915-Մարտի վերջ 1916

13 000

Տիփսի

Նոյեմբեր 1915-Ապրիլ 1916

30 000

Լալէ եւ Թէֆրիճէ

Դեկտեմբեր 1915-Փետրուար 1916

5 000

Մէսքէնէ

Նոյեմբեր 1915- Սեպտեմբեր 1916

60 000

Ապուհարար, Համամ

Նոյեմբեր 1915- Ապրիլ 1916

?

Տէր-էլ-Զօր

Նոյեմբեր 1915- Նոյեմբեր 1916

40 000